ԽՕՍԷ ՛ ԻՆԾԻ ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻԻ ՄԱՍԻՆ (Քաղուած` Վրդ. Անդրանիկ Կռանեանի գիրքէն) (շարունակութիւն)
Դիցաբանութեան մը աւանդոյթը դարեր կտրելով միզի կը հասնի կա՛մ մատենագրութեան ճամբով,
կա՛մ ժողովուրդի մը աւանդոյթներով:
ա) Մատենագրութիւն – Պէտք է ընդունիլ որ հայ հեթանոսական կրօնին մասին խօսող հայ
պատմիչները մեզի քիչ բան փոխանցած են այդ մասին: Մեր մատենագրութիւնը ժլատ է մեր ազգին
հին կրօնին մասին: Հեթանոսական աւանդոյթներէն հազիւ պատառիկներ հասած են մեզի ու այս
նիւթը շօշափուած է միայն քանի մը հայ մատենագիրներու կողմէ: Ագաթանգեղոս, Զենոբ Գլակ,
Փ. Բուզանդ այս մասին անդրադարձած են ժխտական տրամադրութեամբ եւ շատ անցողակի ձեւով,
երբ խօսած են հին մեհեաններուն քանդումին մասին, կատարուած` Լուսաւորչի քարոզչութեան
օրով: բ) Ժողովրդական զրոյցներ – Դիցաբանական աւանդոյթին փոխանց-ման երկրորդ ճանապարհը
ժողովրդական զրոյցներն են: Ժողովուրդը թանկագին շտեմարան է ազգի մը անցեալ հաւատալիքներուն,
յատ-կապէս ա՛յն ժողովուրդներուն մօտ, որոնք դարերէ ի վեր նո՛յն բնօրրանին մէջ բնակած
են որպէս գերիշխան ժողովուրդ: Սակայն ի՞նչ ըսել հայ ժողովուրդին մասին, որ քանիցս տեղահանուած
է ու արշաւող ցեղախումբերուն ենթարկուած է:
գ) Պեղումներ- Իսկ հնախօսական պեղումները
այսօր մեզ մօտ շատ սահմանափակ տարածութիւններ կ’ընդգրկեն, որովհետեւ հայ դիցա-բանութեան
օրրանն ու պեղումներու վայրերը ներկայիս կը գտնուին հայկական սահմաններէն անդին, թրքական
հողերուն վրայ: Հայ դիցաբանութեան` մեզի հասած անբաւարար տեղեկութիւնները թոյլ
չեն տար մեզի հաստատելու թէ մենք ալ մեր դրացիներուն պէս` հեթանոս ուրոյն կրօն մը ստեղծած
ենք: Հայ Պանթէոնը միայն վերջին շրջանի դիցաբանութեան մասին կը խօսի, եւ ասիկա` միայն
խճա-նկարային ձեւով: